2016-ը արդէն իր աւարտին կը հասնի: Այս օրերուն ամբողջ աշխարհը տարուած է եկող նոր տարին՝ 2017-ը դիմաւորելով: Աշխարհով մէկ իրարանցում է: Տօնական մթնոլորտ, երգ ու պար, ուրախութիւն, նուէրներու ու բարեմաղթութիւններու փոխանակում: Նոյնիսկ պատերազմ ապրող երկիրներու բնակիչները, կը փորձեն անմասն մնալ այս օրերու համաշխարհային տօնական ուրախութիւններէն: Մէկ խօսքով, ամբողջ աշխարհի մարդկութիւնը գրեթէ միացած է մէկ զբաղմունքի շուրջ, որն է Նոր Տարին դիմաւորելը: Երանի՜ պիտի չըլլար, որ մարդկութիւնը միշտ այսպէս միացած ըլլար, սակայն աւելի կարեւոր եւ էական հարցերու շուրջ, որոնք պիտի ծառայէին աշխարհի խաղաղութեան ու բարօրութեան:
Հայաստանն ալ ըլլալով աշխարհի մէկ մասնիկը, բնականաբար անմասն չէ աշխարհին մէջ տիրող իրադարձութիւններէն, սակայն, ինչպէս ամէն ինչի պարագային, մեր մօտ ամէն ինչ ծայրայեղօրէն չափազանցուած է: Անշուշտ յարգանքս բոլոր անոնց որոնք Նոր Տարին կը պատրաստուին դիմաւորել չափ ու սահմանին մէջ, առանց աւելորդ չափազանցութիւններու:
Գալով չափազանցութիւններուն, թուեմ մի քանին: Մարդիկ, որոնք առօրեայ հացը ապահովելու խնդիր ու դժուարութիւն ունին, նոր տարուան այս օրերուն յանկարծ կը մոռնան իրենց առօրեայ դժուարութիւնները եւ կը սկսին մտածել թէ ինչպէս նոր տարուան սեղանը լեցնեն, այն ալ ի՜նչ լեցնել (Հայաստանի մէջ ապրողները կը հասկնան խօսքը ինչի մասին է): Եւ ահա կը սկսի վակերու եվ պարտքերու շարանը: Ինկած դրամատուներուն դռները, մարդիկ դրամ կը «հաւաքեն», որպէսզի Նոր Տարին դիմաւորեն… Ի՜նչ անհեթեթութիւն, ի՜նչ տխմարութիւն: Մի քանի ժամուան կամ մի քանի օրուան «հաճոյք»ին համար, ամիսներով տանջուիլ, որպէսզի այդ քանի մը օրուան «հաճոյք»ին պարտքերը վճարեն, այլապէս…
Այս ուղղութեամբ չեմ ուզեր երկարել, որովհետեւ այս բոլորէն աւելի վատ երեւոյթ մըն ալ կայ, որ ո՛չ թէ մարդու ֆիզիքականին առնչուած է, այլեւ՝ հոգեբարոյական ներաշխարհին: Այդ երեւոյթը՝ ամէն նոր բացուող տարին նուիրելն է կենդանիի մը: Լրատուամիջոցները, հեռատեսիլի գրեթէ բոլոր կայանները իրենց ամէնօրեայ հաղորդումներու ընթացքին անդրադարձ կը կատարեն այս մասին, մարդիկ կը հիւրընկալեն, եւ ժամերով ու ժամերով կը խօսին այդ տարուան կենդանիին ունեցած խորհուրդին մասին, եւայլն, եւայլն… Ո՞ւր մնաց ձեր քրիստոնէութիւնը: Երբ քրիստոնէութեան մասին կը խօսիք կամ կը գրէք, ձեր բերանները չեն փակուիր, այնքան հպարտանքով կը խօսիք կամ կը գրէք, որ ձեզ չճանչցողները պահուան մը համար այնքան կը հմայուին ձեզմով, որ նոյնիսկ երանի կու տան ու կ՛երազեն, որ ձեր նման «քրիստոնեայ» ըլլան: Ի՞նչ կը նշանակէ տարին կենդանիի մը նուիրել եւ ամբողջ տարին այդ յիմարաբանութիւններով առաջնորդուիլ: Ո՞ւր է ձեր հաւատքը, միայն խօսքի կամ գրելուն մէ՞ջ է. եթէ այդպէս է, ինչո՞վ կը տարբերուիք աղանդաւորականներէն, որոնք նոյնպէս խօսքի «վարպետներ» են, բայց իրական կեանքին մէջ մղոններով հեռու են քրիստոնէութենէն եւ քրիստոնէութեան Հիմնադիր-Գլուխէն՝ Քրիստոսէն:
Եկող Նոր Տարին՝ 2017ը, եւ յառաջիկային գալիք բոլոր տարիները մի միայն Աստուծոյ, Քրիստոսի տարիներ կրնան ըլլալ: Աստուած Ի՛նք է որ այս ամբողջ տիեզերքը ստեղծեց եւ տիեզերքին մէջ եղող ամէն ինչը Աստուծոյ ձեռագործներէն, հետեւաբար, եթէ կ՛ուզենք տարին նուիրել, զայն մի միան պէտք է Աստուծոյ նուիրենք, եւ ոչ թէ միայն Աստուծոյ նուիրելով բաւարարուինք, այլեւ զԱստուած հագնինք եւ Աստուծմով ապրինք: ԶԱստուած դարձնենք մեր կեանքի ամէն ինչը, զԱստուած դարձնենք մեր կեանքի առաջնորդն ու օգնականը, որպէսզի մեր կեանքը աստուածային օրհնութիւններով լեցուի եւ դառնայ օրինակելի ու փափաքելի կեանք:
Նոր Տարին ՆՈՐ ՏԱՐԻ կ՛ըլլայ այն ժամանակ միայն, երբ մենք զայն կը դիմաւորենք զԱստուած զգեցած եւ Աստուծոյ ապաւինած, եւ միայն այդ ատեն է որ Նոր Տարին կ՛արժեւորուի եւ իմաստ կ՛ունենայ:
Այս մտորումներու լոյսին տակ, կու գամ շնորհաւորելու ձեր բոլորին Նոր Տարին, մաղթելով քաջառողջ կեանք, յաջողութիւններով լեցուն տարի եւ ամէնէն կարեւորը Աստուածահաճոյ տարի:
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
Յ.Գ. Այս տողերը գրած ժամանակ, իմացայ թէ կրկին անգամ մեր սահմաններուն վրայ լարուած իրավիճակ է եւ դժբախտաբար երեք զոհեր ունինք: Ամենաբարին Աստուած Ի՛նք, թող մխիթարէ մեր նահատակներու հարազատները: Աղօթենք եւ մաղթենք, որ 2017ին մեր սահմանները ըլլան խաղաղ ու ապահով, եւ մեր հանգիստը ու ապահովութիւնը ապահովող քաջարի զինուորները անփորձանք մնան: Փա՜ռք մեր հերոս նահատակներուն եւ կամք ու կորով մեր քաջարի Հայկական Բանակին:
29 Դեկտեմբեր 2016