Մեծն Բրիտանիա Երկրի մակերեւոյթի դիտարկման նպատակով ուղեծիր արձակած է իր երկրորդ ռազմական արբանեակը՝ Titania-ն։ Այս մասին յայտնած է Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Արձակումը կատարուած է Հոկտեմբերին։ Բրիտանական պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Titania-ն շուրջ 100 քիլոկրամ կը կշռէ եւ ժամական 27 հազար քիլոմեթր արագութեամբ շարժելով՝ Երկրագունդին շուրջ մէկ պտոյտ կը կատարէ իւրաքանչիւր 90 վայրկեանը անգամ մը։
Արբանեակը մշակուած եւ արտադրուած է անգլիական Համփշիր գաւառին մէջ՝ Պաշտպանական գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու տարրալուծարանի (DSTL) եւ BAE Systems ընկերութեան միջեւ համագործակցութեան շրջածիրէն ներս։
Մեծն Բրիտանիա իր առաջին ռազմական արբանեակը՝ Tyche-ն, ուղեծիր արձակած էր 2024 թուականի Օգոստոսին։ Կ՚ակնկալուի, որ 2027-ին ուղեծիր դուրս բերուին նաեւ Juno եւ Oberon արբանեակները։
Բացի այդ, Լոնտոն Inaros ծրագրի շրջածիրէն ներս պիտի իրականացնէ երեք նէյրոմորֆային զգայակներու փորձարկումներ՝ տիեզերական տարածութեան մէջ տեղաշարժերուն հետեւելու նպատակով։ Անոնք պիտի տեղակայուին Աւստրալիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Կիպրոսի մէջ գտնուող կառոյցներու մէջ։
Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ այդ զգայակները կրնան օգտագործուիլ իբրեւ վաղ ահազանգման համակարգ՝ բրիտանական արբանեակներուն մօտ անսովոր կամ սպառնալիք ներկայացնող գործունէութիւնը յայտնաբերելու համար։