Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր անձնական օդանաւը ղրկած է Թեհրան՝ Իրանի նպատակայարմարութիւնը որոշող խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռեզային Մոսկուա փոխադրելու համար։ Այս մասին յայտնած է «Իրանցի լրագրողի օրագիր» Telegram-ի ալիքը։
Ըստ ալիքի տեղեկութիւններուն՝ Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ Ռեզային ընդունած են պետութեան ղեկավարի մակարդակին յատուկ պատիւներով։
Նշուած է նաեւ, որ բանակցութիւններու ընթացքին Փութին Իրանին խոստացած է լիակատար եւ անսահմանափակ աջակցութիւն, որ իր տարողութեամբ համադրելի պիտի ըլլայ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութեան բնոյթին։