Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ «Եաշար» կուսակցութեան նախագահ Կատի Այզենքոթին պիտի յանձնէ նոր կառավարութիւն կազմելու մանտաթը։ Այս մասին հաղորդած է The Times of Israel-ը։
Մանտաթի յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ տեղական ժամանակով ժամը 17։00-ին, յայտնած է նախագահի գրասենեակը։
Նախագահի նստավայրի համաձայն՝ Հերցոկ իր որոշման մասին արդէն տեղեկացուցած է Այզենքոթին եւ գործող վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուին։ Աւելի վաղ երկրի նախագահը լրացուցիչ խորհրդակցութիւններ ունեցած է քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներու, ներառեալ երկու մրցակիցներու հետ։
Քնեսեթի նորընտիր կազմի 120 պատգամաւորները ներկայացնող կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններուն հետ խորհրդակցութիւններու ընթացքին 67 պատգամաւոր արտայայտուած է Այզենքոթի թեկնածութիւնը վարչապետի պաշտօնին առաջադրելու օգտին։ Նաթանիահու ստացած է 46 պատգամաւորի աջակցութիւնը։ Եօթը աթոռ ունեցող «Թորայի հրէականութիւն» կուսակցութիւնը չէ երաշխաւորած իր աջակցութիւնը թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն։
Մանտաթը պաշտօնապէս ստանալէ ետք Այզենքոթ պիտի ունենայ 28 օր՝ կառավարութիւն կազմելու համար։ Անհրաժեշտութեան պարագային Հերցոկ կրնայ այդ ժամկէտը երկարաձգել եւս 14 օրով։
Կառավարութիւն կազմելու համար Այզենքոթ պէտք է համաձայնութեան հասնի միւս կուսակցութիւններուն հետ եւ ապահովէ Քնեսեթի պատգամաւորներու մեծամասնութեան աջակցութիւնը։