«Նախագահը դժուար թէ բարեկամներ ունենայ»։ Այս մասին յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ։
«Նախագահը դժուար թէ բարեկամներ ունենայ։ Կան ծանօթ մարդիկ, որոնք ինծի համար քիչ բան չեն ըրած։ Ես կը յիշեմ այդ մէկը։ Հաւանաբար, որոշ նախագահներ բարեկամներ ունին։ Ես իմ մասին կը խօսիմ։ Գիտէք, ժամանակի ընթացքին բարեկամները կը սկսին քեզմէ շատ բան պահանջել։ Կ՚ըսեն՝ իբրեւ բարեկամներ են եւ այլն։ Ապա կը սպասեն, որ իրենց համար ուրիշներու հաշուոյն այս կամ այն բանը ընես։ Եւ ասիկա կրնայ հասնիլ մինչեւ փտածութեան», ըսած է Լուքաշենքօ։
Երկրի ղեկավարը պարզաբանած է, որ իր համար նման վարքագիծը անընդունելի է։
«Ուստի, հաւանաբար, բարեկամներ չունիմ։ Կան լաւ մարդիկ, որոնց հետ կրնամ շփուիլ, խօսիլ եւ այլն։ Բայց միշտ կը յիշեմ, որ ես նախագահ եմ։ Օգնելը խնդիր չէ։ Սակայն պէտք է հասկնալ, որ բազմաթիւ մարդիկ քեզ կը դիտեն։ Եւ բոլորը օգնութիւն կ՚ուզեն», նշած է Լուքաշենքօ։
Անոր կարծիքով՝ թերեւս միայն իր որդիները կրնայ բարեկամներ կոչել, քանի որ անոնք երբեք զինք պիտի չդաւաճանեն եւ պիտի ընեն այն, ինչ որ ինք կը պահանջէ եւ կ՚ըսէ։
Լուքաշենքօ պատմած է նաեւ, որ արդարութիւնը իր գլխաւոր նշանաբանն է։ Նախագահը յիշած է, թէ ինչպէս օրերս Շկլովի շրջանի Հորոտեց գիւղատնտեսական աւանին մէջ կը զրուցէր բնակիչներուն հետ, որոնցմէ շատերուն հետ անցեալին աշխատած էր գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ։
«Կարգապահութիւնն ու պահանջները խիստ էին, բայց միշտ արդար։ Ասիկա իմ նշանաբանս է։ Ամէն ինչի հիմքը պէտք է ըլլայ արդարութիւնը։ Իսկ մեր՝ արեւելեան սլաւոններուս մօտ, արդարութեան պահանջը ներկայիս խիստ բարձր է։ Մարդիկ արդարութիւն կ՚ուզեն։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, ուր այդ մարդիկը կը ճանչնամ, վիճակը փոքր-ինչ տարբեր է։ Իսկ մեր ժողովուրդը երբեք անարդարութիւնը պիտի չհանդուրժէ», յայտարարած է հանրապետութեան ղեկավարը։
Լուքաշենքօ անդրադարձած է նաեւ կրօնքի հարցին՝ նշելով, որ մեծ իշխանութիւն ունեցող մարդոց համար աւելորդ չէ այդ մասին յիշելը։
«Բոլորն ալ հիմնականին մէջ հաւատացեալ են։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն Տէրը կը տեսնէ, թէ իւրաքանչիւրն ինչով կը զբաղի։ Ասիկա եւս պէտք է նկատի ունենալ», աւելցուցած է նախագահը։