Ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ կայացած այս այցելութեան աւարտին Վեր. Դոկտ. Սելիմեան իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց՝ հիւրերուն մաղթելով Աստուծոյ օրհնութիւնը, առողջութիւն եւ խաղաղ վերադարձ Ֆրանսա։
Եկեղեցական կեանքին մէջ հաստատուած բարեկամութիւններն ու կապերը կը շարունակեն ապրիլ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ տարիներն ու հեռաւորութիւնները կը բաժնեն մարդիկը։
Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, համայնքապետարանի իր գրասենեակին մէջ, ջերմօրէն հիւրընկալեց Ֆրանսայէն Հալէպ ժամանած Տէր եւ Տիկ. Հանրի եւ Արլին Մահշիկեանները, որոնք տարիներ առաջ գործօն անդամներ եղած էին Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերապրելու անցեալի գեղեցիկ յիշատակները, անդրադառնալու եկեղեցական ու համայնքային կեանքին եւ բաժնեկցելու ընտանեկան նորութիւններ։ Ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ կայացած այս այցելութեան աւարտին Վեր. Դոկտ. Սելիմեան իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց՝ հիւրերուն մաղթելով Աստուծոյ օրհնութիւնը, առողջութիւն եւ խաղաղ վերադարձ Ֆրանսա։