Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Նահանգապետարանի գլխաւորութեամբ տարուող աշխատանքը եւ գործակցութեան ոգիով յաջողութիւն մաղթեց։
Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հալէպի նահանգապետարանի գործադիր գրասենեակի անդամ դոկտ. Ռուլա Սաֆարը եւ առաջին պլոկի անդամները։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան։
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Ճտէյտէ թաղամասի մուտքէն` Աուճէթ ալ-Քայեալիէն դէպի Սահաթ ալ-Հաթապ եւ շրջակայքը տանող ճանապարհներու նորոգութեան աշխատանքներուն։ Պատասխանատուները յայտնեցին, որ նահանգապետարանը ո'չ մէկ ճիգ կը խնայէ քաղաքի ճանապարհներու նորոգութեան եւ ծառայողական իրավիճակի բարելաւման համար։
Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Նահանգապետարանի գլխաւորութեամբ տարուող աշխատանքը եւ գործակցութեան ոգիով յաջողութիւն մաղթեց անոնց։