Կոստան Զարեանի կեանքին ու գրական գործունէութեան մէջ Քերկիրայի տարիները առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն։ 1937-1939 թուականներուն Յունաստանի այս գեղեցիկ կղզիին մէջ ապրած հայ մեծանուն գրողը ոչ միայն ստեղծագործական կարեւոր էջեր գրած է, այլեւ իր կեանքի հետքը ձգած տեղւոյն գրական ու մշակութային միջավայրին մէջ։
Հետաքրքրական է, որ տարիներ ետք անոր բնակած շէնքին ճշգրիտ վայրը յաջողած է բացայայտել Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան։ Վերջինս շահեկան գրառում մը կատարած է այս մասին՝ հիմնուելով գրական աղբիւրներու եւ արխիւային լուսանկարներու վրայ։
Ստորեւ Պարոն Դեսպանի կատարած գրառումը՝
1937-1939 թուականներուն Քերկիրայի մէջ ապրած է 20-րդ դարու հայ մեծանուն գրող, արուեստաբան եւ մտաւորական Կոստան Զարեան։ Հոն է, որ ան գրած է «Կղզին եւ մարդ մը» վիպակը եւ աւարտին հասցուցած իր գլուխգործոցներէն մէկը՝ «Նաւը լերան վրայ» վէպը։
Անգլիացի ճանապահորդական գրողներ՝ եղբայրներ Ճերալտ եւ Լօրէնս Տարելները, իրենց գիրքերուն մէջ կը յիշատակեն Զարեանը։ Մասնաւորաբար, Լօրէնս Տարել սերտ կապեր ունեցած է հայ գրողին հետ, եւ իր նշանաւոր «Prospero's Cell» գիրքին մէջ Զարեան գլխաւոր կերպարներէն մէկն է՝ դուքսին եւ Թէոտորոս Ստեֆանիդիսի կողքին։
Փորձած էի պարզել, թէ Զարեան այդ երկու-երեք տարիներուն ո՛ւր բնակած է, մինչեւ որ Տարելի գիրքին մէջ յստակ յիշատակութեան մը հանդիպեցայ, ըստ որուն՝ ան կը բնակէր «Grand Hotel St. George» պանդոկին վերնայարկը։
Քերկիրայի մէջ այսօր ալ գոյութիւն ունի նոյն անունով այլ պանդոկ մը, սակայն յստակ էր, որ Զարեան հոն չէր բնակած։ Փորձեցի ճշդել, թէ անցեալ դարու սկիզբը ո՛ւր կը գտնուէր այդ պանդոկը։ Ի վերջոյ, արխիւային լուսանկարներու օգնութեամբ յաջողեցայ բացայայտել անոր տեղը։
Գեղեցիկ Սփիանատայի մօտ գտնուող, այդ ժամանակներուն նշանաւոր այս պանդոկը այսօր այլ նպատակներով կը գործածուի։ Ահա, դուրսէն՝ Կոստան Զարեանի Քերկիրայի կեցավայրը, եւ շէնքին վերջին յարկը։


