Վերջին 48 ժամերուն ընթացքին 12 երկրի գործընկերներու հետ առանձին հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին քննարկած ենք տարածաշրջանային վերջին զարգացումներն ու ԱՄՆ-ի եւ սիոնիստական վարչակարգին գործողութիւններուն հետեւանքները։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի։
«Վերջին 48 ժամերուն ընթացքին, Օմանի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Կիպրոսի, Թուրքիոյ, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Թունիսի, Իրաքի եւ Փաքիստանի իմ 12 պաշտօնակիցներուն հետ առանձին հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին քննարկած ենք տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներն ու լարուածութիւն հրահրող ԱՄՆ-ի եւ սիոնիստական վարչակարգին գործողութիւններուն հետեւանքները», գրած է ան։
Արաղչիի համաձայն՝ խորհրդակցութիւններու ընթացքին ինք ընդգծած է պետութիւններու ազգային ինքնիշխանութիւնը յարգելու, յարձակողապաշտութիւնն ու սպառնալիքները դադրեցնելու եւ արտաքին ապակառուցողական միջամտութենէն հրաժարելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ շեշտած է տարածաշրջանի երկիրներուն պատասխանատուութիւնը՝ անկայունութեան տարածումը կանխելու գործին մէջ։
Նախարարը մատնանշած է նաեւ Իրանի օրինական իրաւունքը՝ պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնն ու ազգային անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան այնպիսի կառոյցներու ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը, որոնք զերծ պիտի ըլլան տարածաշրջանէն դուրս գտնուող ուժերու միջամտութենէն։