image

Կրակովի կեդրոնը՝ արիւնալի հրաձգութեան թատերաբեմ․ վեց զոհ, 15 վիրաւոր

Կրակովի կեդրոնը՝ արիւնալի հրաձգութեան թատերաբեմ․ վեց զոհ, 15 վիրաւոր

Եւրոպայի ապահովութեան եւ հասարակական անդորրին վերաբերող մտահոգութիւնները անգամ մը եւս կ'արծարծուին Լեհաստանի Կրակով քաղաքէն հասնող սահմռկեցուցիչ լուրերուն լոյսին տակ։ Երէկ այդ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին մէջ տեղի ունեցած զանգուածային հրաձգութիւնը խուճապի մատնած է անցորդները։ Ընկերային  ցանցերու վրայ տարածուած տեսագրութիւնները կը պատկերեն մարդոց փախուստը, գետին ինկած վիրաւորները եւ ոստիկանութեան կողմէ կասկածեալին ձերբակալութիւնը։

Ստորեւ լրատւութիւնը երէկ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան վերաբերեալ, որուն իսկական  պատճառները կը շարունակեն մնալ անյայտ։

Շաբաթ օր, ժամը 15։00-ի սահմաններուն, Կրակովի Գլխաւոր շուկայի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած է զանգուածային հրաձգութիւն, որուն հետեւանքով, ըստ լեհական լրատուամիջոցներու, վեց մարդ զոհուած է, իսկ 15 ուրիշներ՝ վիրաւորուած։

Ականատեսներու եւ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն համաձայն՝ տղամարդ մը ինքնաշարժով մուտք գործած է հրապարակ եւ անկանոն կրակ բացած պատահական անցորդներու ուղղութեամբ։ Դէպքին հետեւանքով հրապարակին մէջ խուճապային վիճակ ստեղծուած է։ Սոցցանցերու մէջ տարածուած տեսագրութիւններէն մէկուն մէջ կ'երեւին մարդիկ, որոնք փորձելով փրկուիլ՝ կը փախչին, մինչ գետին ինկած են վիրաւորներ։

Աւելի ուշ հրապարակուած են նաեւ կասկածեալին ձերբակալութեան տեսագրութիւնները։ Ոստիկանութեան գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած են նաեւ ոստիկաններ։ Կասկածեալը, որ վիրաւորուած էր ոստիկանութեան կողմէ, ձերբակալուելէ ետք տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր ենթարկուած է վիրահատութեան։

Լեհաստանի ներքին գործոց նախարար Մարչին Կերվինսկի յայտնած է, որ կասկածեալը Լեհաստանի քաղաքացի է եւ ունի ծայրայեղ աջակողմեան հայեացքներ։

Դէպքին առնչութեամբ յայտնի դարձած է նաեւ, որ կասկածեալին բնակարանին մէջ յայտնաբերուած են երեք անձերու դիակներ, որոնք ենթադրաբար իր հարազատներն են։ Հետաքննութիւնը կը շարունակուի՝ պարզելու համար ոճրագործութեան դրդապատճառներն ու դէպքերուն ամբողջական հանգամանքները։