image

Թրամփ մտադիր է ազատ ոճի մենամարտի մարզիչը նշանակել Սպիտակ Տան մամլոյ խօսնակ

Թրամփ մտադիր է ազատ ոճի մենամարտի մարզիչը նշանակել Սպիտակ Տան մամլոյ  խօսնակ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Բացարձակ մենամարտերու առաջնութեան (UFC) ղեկավար Տանա Ուայթին առաջարկած է զբաղցնել Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի պաշտօնը։

«Հաճոյքով կը յայտարարեմ, որ մեծն Տանա Ուայթին՝ կոփուած մարտիկին ու ռազմիկին, առաջարկուած է Միացեալ Նահանգներու մամլոյ քարտուղարի պաշտօնը», գրած է Թրամփ իր Truth Social ընկերային ցանցի էջին վրայ։

ԱՄՆ նախագահին համաձայն, ինք Ուայթէն խնդրած է իր խումբին մէջ ընդգրկել նաեւ ծանօթ մարզիկներ, որոնց շարքին՝ Իսլամ Մախաչեւը, Խապիպ Նուրմակոմետովը, Ճասթին Կէյճին, Տանիէլ Քորմիէն, Ամանտա Նունյէսը եւ Քէյլա Հարիսը։ Թրամփ նշած է, որ անոնցմէ ոմանք ԱՄՆ-ի քաղաքացիներ չեն։

ԱՄՆ-ի նախագահը իր ընտրութիւնը բացատրած է քաղաքական ընդդիմադիրներուն դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեամբ՝ զանոնք որակելով «խելագար ձախեր»։

«Տանան պիտի ըլլայ այնպիսի մամլոյ քարտուղար, որպիսին տակաւին չէ եղած։ Տանա՛, կը խնդրեմ, համաձայնէ՛», դիմած է Թրամփ UFC-ի նախագահին։

Միաժամանակ, Թրամփի յայտարարութենէն յստակ չի դառնար՝ պաշտօնին նշանակուելու պաշտօնական առաջարկի՞ մասին է խօսքը, թէ՞ կատակ մը։ Տանա Ուայթ կը գլխաւորէ UFC-ն եւ երկար տարիներէ ի վեր կ՚աջակցի ԱՄՆ-ի նախագահին։