image

Աշխարհի 10 հզօրագոյն բանակներէն մին արաբական է

Աշխարհի 10 հզօրագոյն բանակներէն մին արաբական է

«Global Fire Power» կայքը հրապարակած է աշխարհի հզօրագոյն բանակներու ցուցակը, ուր 133 երկիրներու շարքին Եգիպտոս առաջին անգամ ըլլալով 10-րդ տեղը գրաւած է:

Առաջին տեղը, ըստ կայքի հրապարակման, ԱՄՆ բանակն է, որուն կը յաջորդեն Ռուսիոյ եւ Չինաստանի բանակները, զբաղեցնելով երկրորդ եւ երրորդ տեղը:

Առաջին տասնեակին մէջ ընդգրկուած է նաեւ թրքական բանակը, զբաղեցնելով 8-րդ տեղը:

Դասակարգումը կատարուած է նկատի ունենալով շարք մը հանգամանքներ, որոնցմէ են. ստանձնուած ռազմական գործողութիւներու յաջողութեան մակարդակը, ռազմական ուժի մարտունակութիւնը, կործանիչներ եւ այլ զինամթերք  արտադրելու կարողութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ տիրապետած նիւթական եւ մարդկային միջոցները:

Արաբական երկիրներուն մէջ երկրորդ տեղը գրաւած է Սէուտական Արաբիոյ բանակը, որ ընդհանուր ցուցակին մէջ 24-րդ տեղը կը զբաղեցնէ, այնուհետեւ Ալճերիոյ եւ Սուրիոյ բանակները, որոնք յաջորդաբար 25-րդ եւ 44-րդ տեղը կը զբաղեցնեն ընդհանուր ցուցակին մէջ: