image

«Ասատ պէտք է մնայ իշխանութեան վրայ». «Ճէրուզալէմ փոսթ»ի վերլուծականը

«Ասատ պէտք է մնայ իշխանութեան վրայ». «Ճէրուզալէմ փոսթ»ի  վերլուծականը

 Իսրայէլեան «Ճէրուզալէմ փոսթ» հեղինակաւոր պարբերականը վերլուծական նիւթ մը հրապարակած է Սուրիոյ տագնապի վերջին զարգացումներուն մասին նշելով, որ Իսրայէլի համար ներկայ պահուս շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է, որ Սուրիան ունենայ կեդրոնական ուժեղ կառավարութիւն մը ղեկավարութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին:

 

 Թերթը նաեւ անդրադարձած է այսօր՝ չորեքշաբթի Սոչիի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահույի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կայանալիք հանդիմման նշելով,որ այս հանդիպման հիմնական կէտերէն մին պիտի ըլլայ Սուրիոյ տագնապը ու յատկապէս Իրանեան ուժերուն Սուրիա գտնուիլը:

 

 Ըստ պարբերականին Իսրայէլեան կողմը Մոսկուայի ղեկավարութեան պիտի բացատրէ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի ներկայացուցած վտանգը նշելով նաեւ, որ եթէ Պաշշար Ասատ ինքնաբաւ դառնայ ապա ան պիտի հրաժարի արտաքին օժանդակութիւններէն,  բան մը որ կը հանդարտեցնէ եւ գոհ կը ձգէ Թէլ Աւիւը:

 

 Յիշեցնենք, որ անցնող երեք տարիներուն ընթացքին այսօրուան Սոչիի հանդիպումը հինգերորդն է երկու առաջնորդներուն միջեւ: