«Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանին այսօր առաւօտեան կանչած են ԱԱԾ բացատրութիւն տալու։
Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Վանեցեանի փաստաբան Լուսինէ Սահակեանը:
Թէ ճիշդ ինչ գործի շրջածիրէն ներս ԱԱԾ նախկին ղեկավարը հրաւիրուած է ԱԱԾ, փաստաբանը չէ ըսած եւ այլ մեկնաբանութիւն չէ տուած։