image

Արսէն Պապայեանը կալանաւորուեցաւ

Արսէն Պապայեանը կալանաւորուեցաւ

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանի, որոշած է երկու ամիսով կալանաւորել ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալ Արսէն Պապայեանը։ 

 Պապայեանը ձերբակալուած էր 21 հոկտեմբերին իշխանութիւնը իւրացնելուն օժանդակելու եւ պաշտօնէական կեղծիք կատարելու համար։ Իրեն առաջադրուած մեղադրանքը Արսէն Պապայեանը չընդունիր։