image

Արմաւիրի ոստիկանութիւնը ապօրինի թմրանիւթեր յայտնաբերած է (Տեսանիւթ)

Արմաւիրի ոստիկանութիւնը ապօրինի թմրանիւթեր յայտնաբերած է (Տեսանիւթ)

Ոստիկանութեան Արմաւիրի բաժնի անչափահասներու գործերով եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման բաժանմունքի ծառայողները, ձեռնարկելով գործնական հետախուզական միջոցառումներ, ստացած են տեղեկութիւններ, որ Արմաւիր քաղաքի Լերմոնդտով փողոցի բնակիչներէն մէկը «կանեփի» բոյսեր կ'աճեցնէ։

Զննելով տան մօտակայ հողամասը, ոստիկանները յայտնաբերած են կանեփի 5 տունկեր, ինչպէս նաեւ կանեփի չորցուած փշրուած իւրայատուկ հոտով զանգուածներ՝ ընդհանուր աւելի քան 20 կրամ: Յայտնաբերուածը ծրարաւորուած ու ուղարկուած է փորձաքննութեան: Հանգամանքները տակաւին պիտի պարզուին: