image

Արդեօք Հալէպի «Պարոնը» պիտի ծախուի՞

Արդեօք Հալէպի «Պարոնը» պիտի ծախուի՞

Օրերս հալէպցի լրագրող Սահիպ Անժարինի կարեւոր յօդուած մը հրապարակած է Հալէպի պատմական արժէք ունեցող «Հոթէլ Պարոն»ի մասին: Լրագրողը, որ լիբանանեան արաբատառ «Ալ-Ախպար» պարբերականի աշխատակիցն է, կը գրէ. «Չէ պատահած մէկը, որ Հալէպ այցելած ըլլայ եւ լսած չըլլայ պատմական «Հոթէլ Պարոն»ի մասին: Հարիւրամեայ ամբողջ դարաշրջանի մը ականատեսը եւ վկայագրողը եղած «Հոթէլ Պարոն»ը հաւանաբար ծախուի յառաջիկայ օրերուն»:

Լրագրողը նաեւ նշած է, թէ ինք օրեր առաջ հանդիպում ունեցած է ներկայիս «Հոթէլ Պարոն»ի տնօրինութիւնը ստանձնած Ռուպինա Թաշճեանի հետ եւ ան եւս տխրութեամբ եւ ցաւաքին ձայնով մը պատասխանած է իր հարցերուն, ըսելով, որ շատ հաւանական է, որ պանդոկի սեփականատէրերը, որոնք կը գտնուին Սուրիայէն դուրս, վճռած ըլլան անոր ծախելու որոշումը:

Ռուպինա, որ վերջին տարիներուն ամուսնական կապ մը հաստատած է «Հոթէլ Պարոն»ի տէր եւ տնօրէն Օննիկ եւ Արմէն Մազլումեաններու ժառանգորդ՝ Արմէն Մազլումեանին հետ, նշած է, թէ պանդոկը առաջին անգամ փակուած է հոկտեմբեր 2012-ին, երբ մեծ պայթում մը տեղի ունեցած է Հալէպի նշանաւոր հրապարակներէն համարուող «Սաատալլա Ալ-Ժապիրի» հրապարակին վրայ, ապա 2014-ին պանդոկը վերաբացած է իր դռները այս անգամ դառնալով Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն Հալէպի փութացող գաղթականներուն ապաստան:

Լրագրողը նաեւ պատմած է պանդոկի պատմական ըլլալու հանգամանքներուն մասին, նշելով որ «Հոթէլ Պարոն» իջեւանած են տասնեակ յայտնի գործիչներ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը կը համարուի Էտուարտ Լորանս   ՝ «արաբներու Լորանսը» անունով յայտնի գործիչը, որ իր մօր ուղղած նամակներուն մէջ կը նկարագրէ պանդոկի մանրամասնութիւնները եւ կը յիշեցնէ, որ պանդոկի պատշգամը նստելով, կը վայելէ Հալէպէն անցնող գետին գեղեցկութիւնը:

Լրագրողը կը յիշեցնէ նաեւ, որ 1961 թուականին «Հոթէլ Պարոն»ը ենթակայ կը դառնար Սուրիոյ մէջ մշակուած «թահմիմ» օրէնքին, որու հիման վրայ կառոյցներ՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ կը դադրէին սեփականաշնորհում ունենալէ եւ կ'անցնէին պետական հոգատարութեան տակ, սեփականատէրերուն տալով միայն գործածելու եւ շահագործելու իրաւունքը, որ յայտնի է արաբերէն՝ «ֆրուղ» օրէնքով:

 

«Ռուպինա Թաշճեանը չուզեց յիշատակել Աթաթուրքի անունը»

Լրագրողը շարունակելով իր նիւթը, նշած է նաեւ այն անունները, որոնք իջեւանած են «Հոթէլ Պարոն»ի մէջ: Ան նաեւ պատմած է, թէ ինչպէս քանիցս հարցապնդման ենթարկուելէ ետք, Ռուպինա Թաշճեան պատասխանելով Աթաթուրքի այդ պանդոկը իջեւանելու մասին հարցումին, ըսած է. «Այո՛, ան իջեւանած է այստեղ, ապրած է այստեղ, սակայն ես կ'ուզեմ անտեսել այդ փաստը»:

Սահիպ Անժարինի նաեւ կը նշէ, որ Ռուպինա ներկայիս կը զբաղեցնէ պանդոկի գլխաւոր՝ թիւ 213 սենեակը, որ հիւրընկալ եղած է արաբ եւ եւրոպացի, ինչպէս նաեւ հայ մեծ գործիչներու: Ան կը յիշէ անունները՝ Ժամալ Ապտ Ալ-Նասէրի, Սուրիոյ նախկին նախագահ, ատենօք պաշտպանութեան նախարար Հաֆէզ Ասատին, Ճազայէրի նախագահ Հապիպ Պուրքիպային, Իմարաթի իշխան Զայէտ Ալ-Նահեանին, Սուրիոյ վարչապետ Իպրահիմ Հանանոյին, ինչպէս եւ Ֆարէս Խուրիին եւ անոնց նման շատ շատերու, որոնք տարբեր առիթներով իջեւանած եւ ապրած են Հալէպի «Հոթէլ Պարոն»ին մէջ:

Պատմելով կարեւոր մանրավէպ մը, ան նաեւ յիշեցուցած է, որ 1936-ին Սէուտական արքունի ընտանիքը, երբ կը ճամբորդէր դէպի Հնդկաստան, նոյնպէս իջեւանած է այդ պանդոկին մէջ, ինչպէս նաեւ Շարլ Տը Կոլը, Թէոտոր Ռուզվէլթը, Եուրի Կակարինը, Տէյվիտ Ռոքֆելըրը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ միջազգային վարկ ունեցող գրողներ՝ Ակաթա Քրիսթին, Ուիլիամ Սարոյեանը, Ֆրայա Սթակը եւ ուրիշներ:

Ան նաեւ կը գրէ, թէ պանդոկին մէջ իջեւանած են նոյնպէս բրիտանացի գիտնական Ճորճ Սմիթ, Փաուլօ Մաթիյէ, նշելով, նաեւ, որ Ճորճ Սմիթ նոյնիսկ մահացած է այն պանդոկին մէջ եւ թաղուած Հալէպի «Շէյխ Մաքսուտ» շրջանի լատիններու գերեզմանատան մէջ:

 

Ինչ պայմաններու տակ հիմնադրուեցաւ «Հոթէլ Պարոնը»

1868 թուականին Գրիգոր Մազլումեան կ'անցնէր Հալէպէն եւ ան որպէս մահտեսի, կը մեկնէր Երուսաղէմ: Գրիգոր հմայուած էր Հալէպով, լսած ու կարդացած էր Հալէպի եւ իրօք սիրահարուած էր այդ քաղաքին: Գրիգոր զարմանքը կ'արտայայտէ, թէ ինչպէս կը պատահի, որ այդ մեծ եւ գեղեցիկ քաղաքին մէջ պանդոկ մը չկայ:  Տարիներ անց, ան կը վերադառնայ Հալէպ եւ կը բանայ «Արարատ» պանդոկը, Հալէպի «Ալ-Ժալլում» փողոցին մէջ: Այդ փոքրիկ պանդոկը կը բաղկանար 12 սենեակներէ եւ կը համարուի ամբողջ Սուրիոյ պատմութեան առաջին պանդոկը, որուն հիմնադիրը կը սեպուի Գրիգոր Մազլումեանը: Անոր որդիները՝ Արմէն եւ Օննիկ, կը շարունակեն իրենց հօր սկսած գործը եւ պանդոկներ կը բանան: Անոնց կառուցած պանդոկներէն յայտնի է «Ալ-Ազիզիյէ փալաս»ը եւ «Ալեփփօ Փալաս»ը :

1906 թուականին, երբ խօսակցութիւններ կը տարածուէին Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագիծի կառուցման մասին, երկու եղբայները կ'որոշեն հզօր պանթոկ մը կերտել, 1907-ին անոնք մեծ հողաշերտ մը կը գնեն եւ կը նախապատրաստեն այդ պանդոկի առաջին յարկի կառուցումը, որ կ'աւարտեն 1909-ին: 1911-ին կը կառուցուի առաջին յարկը եւ բացումը կը կատարուի  պանդոկին, իսկ 1930-ականներուն պանդոկին վրայ կ'աւելցուին երկրորդ եւ երրորդ յարկերը:

Պանդոկը ականատես կ'ըլլայ առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն: Օսմանցիները, գերմանացիները, անգլիացիները, ֆրանսացիները կ'անցնին հոնկէ, իսկ 2012-ին ընթացք կ'առնէ պանդոկի նահանջի փուլը:

Թաշճեան պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ՝ ով պիտի ըլլայ այս պանդոկը գնողը, կ'ըսէ. «Ես պատասխան մը չունիմ, բայց ըսեմ, որ մտադիր ենք պանդոկի պատմութիւնն ու անցեալը ներկայացնող ցուցահանդէս մը բանալ պանդոկին մէջ»:

Նշենք, որ «Արեւելք»ի տիրապետած  տեղեկութիւններով, Արմէն Մազլումեանի ժառանգորդ համարուող երկու դուստրերը կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու մէջ: