image

Արցախը միշտ կայուն պէտք է մնայ. ԱԱԾ պետ Արթուր Վանէցեան

Արցախը   միշտ կայուն պէտք է մնայ. ԱԱԾ պետ Արթուր Վանէցեան

Արցախ գտնուող ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն: Անոնք հետաքրքրուած են վարչապետի վերջին յայտարարութիւններու, Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու, Համահայկական խաղերու ընթացքի մասին: Հետաքրքրուած են, թէ ինչ իրավիճակ կը պասուի Արցախի մէջ յառաջիկայ քաղաքական զարգացումներով պայմանաւորուած: Վանեցեանը պատասխանած է.

«Արցախը իւրայատուկ վայր է, եւ պարտադիր պէտք է ըլլայ կայունութիւն, եւ անթոյլատրելի են որեւէ տիպի խժդժութիւններ, եւ Արցախի կայունութիւնը պէտք է ըլլայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ, եւ ես իմ պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին պարտադիր հաշուի կ'առնեն այդ հանգամանքը եւ կ'առաջնորդուիմ այդ սկզբունքով, որ Արցախը պիտի ըլլայ կայուն, եւ ցանկացած խժդժութիւն անթոյլատրելի է»:

Ան անդրադարձած է նաեւ հանրահաւաքի ժամանակ տեղի ունեցած միջադէպին եւ նշած.

«Հարկ համարեցի միջամտել, որպէսզի խժդժութիւնները լուրջ հետեւանքներ չունենան, յաջողեցանք կանխել այդ զարգացումները, քաղաքացիները լսեցին իմ յորդորը եւ չշարունակեցին իրենց բողոքը, իրենք մասնակցած են որպէս քաղաքացիներ, արցախցիներ, վարչապետի կոչով մասնակցած են, կը համարեմ, որ երեկուայ հանրահաւաքը պատմական միջոցառում էր, թէզերը, որ հնչեցին, պատմական են ու կարեւոր: Անվտանգութեան առումով, այո, վտանգ կը պարունակէր, բայց եթէ մենք կ'ուզենք ընել բան մը, որ կը զարմացնէ ողջ աշխարհին, պէտք է նաեւ դիմենք ռիսքերու, անոնք գնահատենք եւ ընենք ամէն ինչ, որ լուրջ հետեւանքներ չունենան: Այդ հանգամանքէն ելլելով՝ ես անմիջական մասնակցութիւն ունեցած եմ Համահայկական խաղերու կազմակերպման աշխատանքներուն, եւ մինչեւ այդ պահը ոչ մէկ լուրջ միջադէպ չէ գրանցուած, այն պարագային, երբ Արցախի մէջ կը գտնուին շուրջ 10 հազար մարզիկներ ու հիւրեր»:

 

 

Աղբիւրը ՝ «Շանթնիւզ»