image

Արցախի Պարէտէն կարեւոր որոշումներ

Արցախի Պարէտէն կարեւոր որոշումներ

Արցախի Պարէտի որոշմամբ Հանրապետութեան մէջ կրթական, տօնական, յիշատակի եւ շարք մը այլ միջոցառումներու նկատմամբ պիտի կիրառուին սահմանափակումներ:

Արցախի Հանրապետութեան Պարէտի՝ 13 ապրիլի N 2 որոշմամբ երկրին մէջ կը նախատեսուին շարք մը սահմանափակումներ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախ/ տեղեկատուական շտապէն։ Մասնաւորապէս, սահմանափակումներ կը նախատեսուին ժամանցային միջոցառումներու, թատերական ներկայացումներու, կրթական, մարզական եւ շարք մը այլ միջոցառումներու նկատմամբ: