image

Արցախի նախագահը այցելած է ԱԱԾ յատուկ նշանակութեան վարչութիւն

Արցախի նախագահը այցելած է ԱԱԾ յատուկ նշանակութեան վարչութիւն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 6 յունիսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Կամօ Աղաջանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է ԱԱԾ յատուկ նշանակութեան վարչութիւն:

Նախագահը բարձր գնահատած է վարչութեան աշխատանքը հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին անվտանգային սպառնալիքներու դէմ պայքարին՝ ընդգծելով, որ այս ուղղութեամբ բոլոր խնդիրները մշտապէս պիտի գտնուին պետութեան ուշադրութեան կեդրոնը:

Արայիկ Յարութիւնեանը շրջայց կատարած է նաեւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման տարածք, ծանօթացած է ծառայութեան պայմաններուն: