Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն, COVID-19-ը հաստատուած է Հադրութի շրջանի բնակիչի մօտ, որ մեկուսացուած էր շուրջ 2 շաբաթ եւ նախօրէին իրականացուած քննութեան արդիւնքը դրական էր: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի տեղեկատուական շտապէն:
Այսպիսով` «Քորոնա» ժահրի մինչ այսօր հաստատուած ընդհանուր դէպքերը 114-ն են, մեկուսացուած է 68 քաղաքացի, քննութիւններու քանակը 1828: