image

Արցախի մէջ. «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը հասաւ՝ 114-ի

Արցախի մէջ. «Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը հասաւ՝ 114-ի

Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն, COVID-19-ը հաստատուած է Հադրութի շրջանի բնակիչի մօտ, որ մեկուսացուած էր շուրջ 2 շաբաթ եւ նախօրէին իրականացուած քննութեան արդիւնքը դրական էր: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի տեղեկատուական շտապէն:

Այսպիսով` «Քորոնա» ժահրի մինչ այսօր հաստատուած ընդհանուր դէպքերը 114-ն են, մեկուսացուած է 68 քաղաքացի, քննութիւններու քանակը 1828: