image

Արցախցի Դաշնակցական Պատասխանատուն Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսայի Շարք Մը Քաղաքապետներու Հետ

Արցախցի   Դաշնակցական  Պատասխանատուն Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսայի Շարք Մը Քաղաքապետներու Հետ

Ֆրանսա եւ Արեւմտեան Եւրոպա այցելութեան ծիրին մէջ 15-16 մարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան հանդիպում ունեցած է Լիոն քաղաքի առաջին փոխքաղաքապետ Գէորգ Քեփենեքեանի, Վիլորպանի քաղաքապետ Ժան Փոլ Պրետի, Տեսիմի քաղաքապետ Օրանս Ֆոթրայի եւ Վիենի քաղաքապետ Քիրի Քովաքսի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Յիշեցնենք, որ Վիլորպան եւ Վիեն քաղաքները նախապէս փոխադարձ համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրած են  համապատասխանաբար Շուշի եւ Հատրութ քաղաքներուն հետ: 16 մարտին Դաւիթ Իշխանեան Տեսիմի Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է Լիոնի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ան խօսած է Ղարաբաղի ներկայ կացութեան եւ առկայ մարտահրաւէրներուն մասին:

 

 Լուրի   աղբիւր՝ «Ազդակ»