Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցած է Զուիցերիոյ գերմանատառ եւ ֆրանսատառ թերթերու` «Թակես Անզէյկըր», «Լա Լիպերթէ», «Աժանս Ռոմանտ Տէ Փրես» եւ «Լը Թամփ» թերթերու թղթակիցներուն հետ: Վեհափառ հայրապետին տուած հարցազրոյցներու նիւթերը ներառած են չորս թեմաներ՝ միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, եկեղեցւոյ վերապահուած դերը այսօրուան ընկերութիւններուն մէջ եւ Վեհափառին Զուիցերիա տուած այցին եւ արմէնոֆաս ընկերութեան մասին տեղեկութիւններու փոխանցումը: