Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսարանի կայքէն վերահասու կը դառնանք, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիներու 8 Մարտի միջազգային տօնին առթիւ հրապարակած է ուղերձ մը, ուր մասնաւորապէս կ'ըսուի.
«Կիներու միջազգային օրը, 8 Մարտը, յիշեցում մըն է առաւել եւս շեշտելու կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս: Հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր յատուկ յարգանք ցուցաբերած է ու կը շարունակէ ցուցաբերել հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով՝ առողջ հայ ընտանիքին դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն պահապանը եւ մեր ազգային ձգտումներուն ռահվիրան: Այսօր հայ մայրը կոչուած է վերանորոգ նուիրումով պահպանելու հայ ընտանիքին սրբութիւնը: Միաժամանակ, մենք պարտաւոր ենք հայ կնոջ դերը աւելի շեշտելու մեր ազգային հաւաքական կեանքէն ներս»: