Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ ընտանիքը առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնի կոչած է շրջանային խմբապետուհի մը: Կոչումը եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու տարեկան բանակումին ընթացքին, ուր յաւուր պատշաճի խօսքերէն ետք Սեւան Պազարճեանին շնորհուած է Հ.Մ.Ը.Մ. ի Աւստրալիոյ շրջանային խմբապետուհիի կոչում:
Յիշեցնենք, որ Սեւան Պազարճեան ծնած է Հալէպ: Կանուխ հասակէն ան անդամակցած է Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին, ապա մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին:
Խմբապետուհին 2016 թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ «Արարատ» մասնաճիւղին:
