image

Առաջին անգամ ըլլալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ մասնաճիւղը ունեցած է սկաուտական խմբապետուհի մը. Քոյր Սեւան Պազարճեան (Տեսանիւթ, Լուսանկարներ)

Առաջին անգամ  ըլլալով  Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ  մասնաճիւղը   ունեցած է  սկաուտական   խմբապետուհի մը. Քոյր Սեւան  Պազարճեան (Տեսանիւթ, Լուսանկարներ)

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ      ընտանիքը   առաջին անգամ ըլլալով    պաշտօնի  կոչած է     շրջանային  խմբապետուհի մը:    Կոչումը  եղած է      Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու տարեկան  բանակումին ընթացքին, ուր   յաւուր  պատշաճի խօսքերէն  ետք   Սեւան  Պազարճեանին շնորհուած է   Հ.Մ.Ը.Մ. ի Աւստրալիոյ  շրջանային խմբապետուհիի    կոչում:

Յիշեցնենք, որ  Սեւան   Պազարճեան ծնած է  Հալէպ:  Կանուխ հասակէն  ան  անդամակցած է  Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին, ապա     մաս  կազմած է   Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Պուրճ  Համուտի մասնաճիւղին:

 

  Խմբապետուհին 2016 թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ    Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ   «Արարատ»  մասնաճիւղին: