image

Արա Կիւլէրի նուիրուած The Eye of Istanbul Ֆիլմը մրցանակ ստացաւ

Արա Կիւլէրի    նուիրուած The Eye of Istanbul Ֆիլմը  մրցանակ ստացաւ

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Հայ անուանի  լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մասին պատմող ֆիլմը արժանացած է Ուաշինկթընի , անկախ ֆիլմերու «լաւագոյն ֆիլմ»ի մրցանակին: փառատօնին: Այս մասին կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ», նշեով, որ Պիննուր Քարաէվլիի  եւ Ֆաթիհ Քայմաքի կողմէ բեմադրուած «The Eye of Istanbul»ը կը պատմէ 87-ամեայ հայազգի թուրք լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի եւ անոր յայտնի Պոլսոյ մէջ «Յետահայեաց» ցուցահանդէսի նախապատրաստութեան մասին, որ կը պարունակէ Պոլիսը պատկերող նկարներ՝ առնուած 1950-էն սկսեալ, մինչեւ 2005: Վաւերագրական ֆիլմերու շարքին մաս կազմող, աւելի քան 80 ֆիլմերու մէջէն Կիւլէրի մասին պատմող ֆիլմը շահած է «Լաւագոյնին լաւագոյնը» մրցանակը:Ֆիլմը արտադրող Իւմրան  Սաֆթէր խօսելով ֆիլմի մասին ըսած է. «Մենք ուզեցինք աշխարհին ներկայացնել Արա Կիւլէրի անձն ու լուսանկարները: Սակայն մենք նաեւ ուզեցինք ներկայացնել Պոլիսը. մեր ֆիլմը միայն Արա Կիւլէրի մասին չէ, ան իրականութեան մէջ Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ պատմութիւնն է», աւելցնելով, որ Կիւլէրի ֆիմը, որու պատրաստութիւնը աւարտած էր նոյեմբերին, նաեւ թուրք-հայկական ինքնութեան  մը պատմութիւն է:

Իր գործով, Պոլսոյ աղքատ աշխատողներէն եւ Անատոլուի հովիւներէն, մինչեւ իսրայէլ-պաղեստինեան հակամարտութիւնը, Կիւլէր նկարած է  20-րդ դարու երկրորդ կէսի իսկական պատկերը, կատարելով պատմաբանի դեր: