Պոլսոյ վերջին յիսուն տարիներու կենսագրութեան տոմարներուն մէջ իր անունը ոսկի տառերով «փորագրած» այս անգամ նոր «հագուստ»ով կը վերադառնայ։
Խօսքը յառաջիկայ օգոստոսին պոլսոյ մէջ անոր տուն-թանգարանի հանդիսաւոր բացման մասին է, որ պիտի իրականացուի «Տուղուշ» ընկերութեան ջանքերով։
Ի դէպ այդ տուն-թանգարանը միակը պիտի չըլլայ, որ հանրութեան պիտի ներկայացնէ Կիւլէրի վերջին յիսուն- տարիներուն պատրաստած ամենանշանաւոր լուսանկարներէն նմուշներ, այլ ընթացքի մէջ մեծ լուսանկարիչին Պոլսոյ «Բանկալթը» շրջանին մէջ գործող արհեստանոցին վերջին պատրաստութիւնները, ուր տարիներէ ի վեր պահուած են մէկ միլիոնի հասնող Կիւլէրի լուսանկարներուն «նէկաթիվ»ները։
Ժամանակ մը Արա Կիւլէրի տարիներու ընթացքին հաւաքած, պահած ու պահպանած լուսանկարներուն մայր պատճէններու ճակատագիրը կը մնար անորոշ։ Շատեր կը խօսէին, որ Թուրքիոյ պետութիւնը յանձն առած է «գնել» այդ պատկերները, սակայն աւելի ուշ հերքուեցաւ այդ մէկը։ Այսօր եւ յուրախութիւն մեզ հայերուս պատկերները կը գտնուի ապահով ձեռքերու մէջ ու երկար տարիներ պիտի պահուին, պահպանուին ու ծառայեն իրենց նպատակին։
Իր ունեցած աւանդներուն, լուսանկարչութեան մէջ բերած նորարութեան ու եւ կերտած արուեստին համար «իսթանպուլի աչք» մակդիրին տիրացած Արա Կիւլէրը հպարտութիւն է մեզի համար։
Ան կը հանդիսանայ լուսանկարչութեան մէջ մեծ աւանդ բերած մեր վարպետներուն թագն ու պսակը ու անկախ ամէն ինչէ Արա Կիւլէրի ունեցած աւանդը ուսանելի է , ոչ միայն թրքահայոց , այլ ամբողջ հայութեան համար։
Լիայոյս ենք, որ Հայաստանի մէջ ալ մեծ ճանաչում ու յարգանք վայելող Արա կիւլէրը արժանի կը դառնայ մեծ ուշադրութեան եւ յարգանքի։
Ինչքանով, որ սիրած ու փայփայած է իր ծննդավայր Պոլիսը, նոյնքանով սիրած ու արեան մէջ կրած է Երեւանը։
Բարի վերադարձ մեծ վարպետ...
Բարի վերադարձ Արա Կիւլէր։