image

Ապրիլեան Պատերազմը Ուղղուած Էր Նաեւ Մոսկուայի Դէմ

Ապրիլեան  Պատերազմը  Ուղղուած Էր Նաեւ Մոսկուայի  Դէմ

Արցախի  մէջ կնքուած   հրադադարէն ետք    զարգացումները  կը խմորուին  քաղաքական  դաշտին  մէջ:   Հայութեան երեւելի   մէկ  տոկոսը գրոհի  անցած է    Մոսկուայի   դէմ   փուլի մը ընթացքին, որուն  գլխաւոր խաղացողը Գրէմլն է սկսեալ Սուրիոյ զարգացումներէն  հասնելով մինչեւ Իրաք, Եէմէն  եւ   անշուշտ Կովկաս:  Ժողովրդային   բնազդին   հետեւող   մեծագոյն  մասսային համար  Արցախի  մէջ տեղի  ունեցածը    հերթական  թրքական  նկրտում է, որ   պարուրուած է հակահայ   ատելութեամբ եւ  մաղձով:    Մեզի  համար  երեւելի  ալ չէ, որ  Արցախի  մէջ թիրախը  եղողը  միայն  հայութիւնը չէ: Մենք  վարժ  ենք  տեսնել  բոլորին սխալները` առանց  անհրաժեշտ  ինքնաքննադատութիւն  ընելու  եւ   դէպքերու ընդհանուր ընթացքին  քննական    հայացք մը նետելու:Պիտի  մոռնանք ամէն ինչ  ու պիտի խօսինք  Պաքուին   վաճառուած    ռուսական զէնքին  մասին: Մեր հանրապետութեան նախագահը հերթական անգամ   իր քննադատութեան սլաքները  պիտի ուղղէ  Գրէմլի  տէրերու,ն  առարկելով, որ  Հայաստան  անհանգիստ  է  պարզ անոր  համար, որ իր      գլխաւոր  հակառակորդը արդիական     զէնքեր կը գնէ   Մոսկուայէն:   Չի  բացառուիր  որ Հայաստանի  նախագահը այս յայտարարութիւնները կ'ընէ`   ձեւով մը փարատելու համար  համաժողովրդային   բողոքի  այն  ալիքը, որ կրնայ  բարձրանալ   Մոսկուայի  դէմ:       Զինուորական  ճակատումներէն  անմիջապէս  ետք մեր երկրին մէջ    տեղի ունեցող  գործընթացները նաեւ ցոյց  կու տան, որ արցախեան հիմնահարցի  լուծման  առընթեր   միջազգային կարեւոր տեղաշարժեր կան, որոնց  առաջատարը բնականաբար Մոսկուան է:

Պատերազմը   շատ  ծանր  խաղաքարտ է,  որուն   դիմաց  ծանր  կորուստներ   կրնայինք ունենալ: Այս առումով  պէտք է  լաւապէս ըմբռնել, որ  գետնի վրայ  տեղի ունենալիք   մարտերը    կրնային ըլլալ  շատ  աւելի ծանր  հետեւանքներ ունենալ, քան  մենք կը պատկերացնէինք:  Սա  չի  նշանակեր, որ  պարտուողական  ոգիով  պէտք է   հետեւիլ   զարգացումներուն,  այլ  կը նշանակէ սթափ  հայացքով  նայիլ Արցախի  ընդհանուր  իրականութեան:

Յանցանքը լոյսին բերելու եւ յանցաւորին մասին  շեշտադրում ընել  մեր ունակութիւնը խոցելի է:  Որովհետեւ մենք  վարժ ենք  քննադատել  ուրիշը  եւ մոռնալ մեր   ունեցած  մեղքի բաժինը:

Այս մօտեցումին արդիւնքով Մոսկուան կը դառնայ  գլխաւոր   յանցաւոր, որ մեզ  դաւած է   Պաքուին  զէնք ծախելով:

Մենք կը մոռնանք, որ  Կովկասի  մէջ ցանկացած  զինուորական  զարգացում չի նպաստեր    Հայաստանի  ռազմավարական   գործընկերոջ ընդհանուր շահերուն: Մանաւանդ   այս հանգրուանին, որ ռուսական կողմը  կարեւոր  առաւելութիւններ իրագործեց Սուրիոյ մէջ  եւ  յաջողեցաւ  իր  հեղինակութիւնը   վերականգնել  միջազգային- քաղաքական   թատերաբեմին  վրայ:

Ուրեմն  որո՞ւ կը ծառայէ  Արցախի մէջ  պատերազմի մը հրահրումը: Եւ ո՞վ  եղաւ այն կողմը, որ առանց  ժամանակ  կորսնցնելու  մարեց   Կովկասի մէջ  նոր աճող  վտանգաւոր  հրդեհը:

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները   այսօր   աւելի քան որեւէ ժամանակ  կարիքն ունին վերարժեւորման: Ու գերագոյն  խնդիրը  այդ հարցերը   բարձրաձայն ու անկեղծ    կերպով ներկայացնելն է: Ո՞վ կը մտածէ այս մասին: Ու  բացի  այս բոլորէն  ո՞վ կը փորձէ մատնացոյց  ընել մեր  հաւաքական  սխալները, որոնք  պէտք  է  սրբագրուին   շատ  արագ եւ արմատական  կերպով: