Այսօր, 7 յունիսի առաւօտեան, անյայտ անձեր կրակ բացած են Իրանի խորհրդարանէն ներս: Այս մասին «Ալ-Տիար»ի համաձայն, կը տեղեկացնէ իրանեան «Թասնիմ» գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ յարձակում գործողները եղած են երեք զինեալներ, որոնք կրակած են խորհրդարանի պահակներուն վրայ, նշելով, որ անոնցմէ երկուքը վիրաւորուած են:
Աղբիւրը համաձայն, Խորհրդարանէն ներս կրակոցները կը շարունակուին:
Գործակալութիւնը կը յայտնէ նաեւ, թէ որոշ տեղեկութիւններու հմաձայն, Թեհրանի հարաւը գտնուող Իմամ Խումայնիի դամբարանին մօտ նոյնպէս կրակոցներ լսուած են եւ վիրաւորներ կան: