image
Հրատապ լուրեր:

Անյայտ կորսուածներու հարցով ռուսական կողմին դիմած է 2400 մարդ

Անյայտ կորսուածներու հարցով ռուսական կողմին դիմած է 2400 մարդ

 

Ստեփանակերտի մէջ աշխատանքը կը շարունակէ քաղաքացիներու ընդունելութեան կէտը, որ «թէժ գիծի» օգնութեամբ կը հաւաքագրէ պատերազմի մասնակիցներու, անյայտ կորսուածներու տուեալները։

 

Այս ընթացքին արդէն աւելի քան 2 392 մարդ դիմած է քաղաքացիներու ընդունելութեան կէտ, անոնցմէ 584 -ը՝ «թէժ գիծի» օգնութեամբ։

Այս մասին կը յայտնէ ՌԴ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։ Նաեւ նշած, որ անյայտ կորսուածներու որոնումը կ'իրականացնեն ռուս խաղաղապահները` Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներու, հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ համագործակցութեամբ։