Նեղ փողոցներուն մէջ եղող մեր տան լոյսը լուսաւորեց պէյրութեան ծանր օրերուն մութը: Պատերազմի բոլոր տաշեղները, վառօդը, դատարկ պարկուճները, յետոյ հերթով հաց առնելու եւ հրթիռներու որոտէն նկուղներուն մէջ մահուան սուլոցները հաշուելու օրագրութիւնը մեր անունին խառնեց պատերազմի արհաւիրքը:
Մենք կը հաւատայինք, որ տունը մեր հայրենիքն է: Կը փակէինք դուռ -պատուհան եւ ատով կը գծէինք մեր հայրենիքի սահմանները:
Հայրենիքը մեր ներսն էր: Պատերուն վրայ եղած պատկերները, սովետական հայպետհրատի դեղին գիրքերը, Շիրազ, Սեւակ, Կապուտիկեան, արծաթեայ սպասներ, հորքուրին բերած արծաթեայ սրճամանը, գիրքեր- գիրքեր, գիրքեր...
Այս բոլորին մէջ կ'ապրէինք դուրսի պատերազմին տագնապը եւ ներսի հայրենիքին ապահովութիւնը:
Փոքրիկ հայրենիքը կը մեծնար: Կը յորդէր տունէն դուրս, Պուրճ Համուտի փողոցներէն մինչեւ Անթիլիաս եւ հոնկէ Պիքֆայա՝ սփիւռքի հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքին դպրանոցը:
Նոր սահմաններ կը գծուէին եւ ադ սահմաններուն մէջ հայրենիքը կամաց- կամաց կը մեծնար:
Յետոյ անոր բոլոր մանրամասնութիւնները փակ սենեակներէն դուրս գալով կը դարբնէին մեր սերունդին երազները:
Մ եծ Եղեռն, տասնոց, տէրոր, Գրիգոր Մերճանոֆ եւ Շահան Նաթալի: Կտրուած պատմութեան թելեր, թաց երկար գիշերներ, կրակոց եւ հակա-կրակոց: Պէյրութը իր հազարումէկ անբարոյ դիմակներով: Առաջին սիկարէթի հետ առաջին բանաստեղծութիւն եւ Հայաստան- հայրենիքին կարօտը, չգիտցուած բանի մը կարօտը, կարօտը վերացականին:
Տունը հայրենիք էր մեզի համար:
Յետոյ կը մերուէինք անկախութեան պատմութեան: Նայիրիտ, հաւաք, Ղարաբաղ Կոմէտէ, Թասս, ՄՏԿ, Արցախ, մութ ու ցուրտ տարիներ, նահատակ ընկերներ, թաղումներու պատկերներ, սեւ ու սպիտակ երազներ եւ Հայաստանի անկախութիւն:
Այս բոլորը կարծէք երէկ եղան: Այս պատումները դեռ երէկ անցան մեր աչքերով, մեծցան, խոշորցան, փայլեցան Պէյրութի մեր տան մութ անցքերէն բարձրացող լուսաւոր տան սենեկաներուն մէջ:
Հայրենիքը պահուած բանտորայի տուփէն դուրս մնացած կա:րմիր թելն էր: Հայրենիքը մեզի համար 21 Սեպտեբերին նուիրագործուած հայ ժողովուրդի Այո՛-ն էր:
Հայրենիքը կամաց-կամաց կը մեծար ու կ'աճէր: Անյագ, անվերջ, յաւիտեան:
Մենք այդ սենեակներւու խաղէն դուրս պիտի գայինք: Պիտի հասկնայինք, որ փուճ էր ամէն ինչ առանց այս հողին : Ու քիչ չէին անոնք, որ ցայսօր սենեակներու խաղին մէջ մնալով կը շարունակեն իրենց տան կիսամութ սենեակներուն մէջ «բանտարկել» Հայաստանի մեծ երազը:
Մեծ երազը փոքրիկ սենեակներուն մէջ: Շատերուն համար Հայաստանը սովի տրուած երկիր է: Հայաստանը աքցանի ատամներուն մէջ բռնուած վայր է, ուր մարդկային բոլոր ըմբռնումները խաթարուած են:
Անոնց համար աւելի հեշտ էր խօսիլ հոգեւոր հայրենիքին մասին:
Անոնց համար աւելի էական էր գիտաժողովներ կազմակերպել եւ հրեշտակներու սեռը քննել:
Եւ այս բոլորը բնական են:
Երէկ Հայաստանը սենեակներու մէջ բանտարկած էինք: Պայմաններն այլ էին: Կը հասկնամ: Այսօր սակայն ժամանակն է, որ նոյն Հայաստանը դուրս բերենք փակ սենեակներէն եւ միասին այս հողին վրայ ծառ մը տնկենք, տնակ մը կառուցենք, բերք հասցընենք, սիրենք, ապրինք...
Տարբերութիւններու, սեղմումներու, գոյնի, ձայնի, ձեւի, ուտելիքի, շունչի, բոյրի բոլոր տարբերութիւնները տապալած են:
Այսօր Հայաստանը կ'ապրի, կը տրոփէ, կը մեծնայ, կը պայքարի, կը սիրէ, կը յօրինէ:
Անոր զաւակները արիւնով կը պահեն կարմիր սահմանները:
Մեր որդիներուն համար միակ մնայուն ժառանգը այս հողն է:
Ժամանակն է, որ հաւատանք:
Ժամանակն է Հայաստանի մեծ երազը դուրս բերենք փակ սենեակներէն:
Սագօ Արեան