Կը կարծեմ, որ վաղուց ժամանակն է, որ հայ, ատրպէյճանցի եւ թուրք պաշտօնեաներու շփումները մեզի համար ըլլան աշխատանքային առօրեայ գործունէութեան ընդհանուր ընկալման մէջ: Այդ մասին Կառավարութեան նիստէն ետք հրաւիրուած ճեպազրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով երեք երկիրներու պաշտօնեաներու հանդիպումներու աշխուժացման:
«Ինչ վերաբերում է գործընթացներին, նոր բան չկայ, ինչ նախկինում ասել եմ, այդ տրամաբանութեան մէջ է, բայց կայ նաեւ այն, որ ամէնօրեայ աշխատանք է տեղի ունենում։ Փորձում ենք հնարաւորութիւններ գտնել՝ նաեւ տարբեր ուղղութիւններով զարգացնելու յարաբերութիւնները»,-ըսած է վարչապետը։
Վարչապետը յիշեցուցած է՝ թրքական օդանաւային ընկերութիւններէն մէկն արդէն սկսած է թռիչքներ իրականացնել դէպի Հայաստան, ապա ընդգծած՝ այդ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Չինաստանի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ ունեցած պայմանաւորուածութեան ժամանակ:
«Յոյս ունենք, որ առաջիկայում նաեւ Գիւմրիի ուղղութեամբ թռիչքներ կ՚իրականացուեն թուրքական ավիաընկերութիւններից որեւէ մէկի կողմից»,-ըսած է վարչապետ Փաշինեանը։
Վարչապետի խօսքով՝ գործընթացն առաջ կ՚երթայ, եւ իրեն համար հարցն այն չէ, թէ տեղի կ՚ունենա՞ն արդեօք Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը կամ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը, հարցն այն է, թէ այդ երբ տեղի պիտի ունենայ։
«Մենք աշխատում ենք այնպէս անել, որ դրանք հնարաւորինս շուտ տեղի ունենան»,- աւելացուցած է Փաշինեանը: