Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ապրիլ 18-ին Թուրքիոյ (Կ. Պոլսի) Հայոց Պատրիարքութիւն այցէն ետք Պատրիարքութեան տարածքին մէջ հանդիպած է Իսթանպուլի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։
Հանդիպման մասնակցած են «Ժամանակ», «Մարմարա» օրաթերթերու, «Ակօս» շաբաթաթերթի, «Լոյս մետիա» հեռուստաընկերութեան, «Փարոս» ամսագրի, «TET Ajanda» ելեկտրոնային լրատուամիջոցի ներկայացուցիչները:
ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու շուրջ` պատասխանելով նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցերուն: