image
Հրատապ լուրեր:

Փոխադրութեան օրական հաւաքագրումները 37 մլն-էն հասած են 65 մլն դրամի. Տիգրան Աւինեան

Փոխադրութեան օրական հաւաքագրումները 37 մլն-էն հասած են 65 մլն դրամի. Տիգրան Աւինեան

Վերահսկողական մեխանիզմներու խստացման արդիւնքով հանրային փոխադրութեան օրական հաւաքագրումները 37 միլիոն դրամէն հասած են շուրջ 65 միլիոն դրամի՝ արձանագրելով եկամուտներու գրեթէ կրկնակի աճ։ Այս մասին ապրիլ 18-ին լրագրողներուն յայտնած է Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը:

Քաղաքապետի խօսքով՝ նախապէս քաղաքային իշխանութիւնները որոշակի հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէին առկայ խնդիրներու նկատմամբ, քանի որ համակարգը նոր ներդրուած էր եւ կային տեխնիկական հարցեր։ Աւինեանը փաստած է, որ եկած է վերահսկողական մեխանիզմներու միջոցով հաւաքագրումներն իրականացնելու ժամանակը, եւ այժմ այդ գործընթացը ընթացքի մէջ է։

«Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել այն մարդկանց, ովքեր որ չվճարողից դարձել են վճարող, որովհետեւ դա էլ շատ կարեւոր քայլ է և իրականում մեր գիտակցութեան մէջ շատ բան կարծում եմ պէտք է փոխուի»,- նշած է քաղաքապետը։ 

Աւինեանը յայտնած է, որ շուտով Երեւան պիտի հասնին 45 նոր ելեկտրակառքեր (թրոլէյպիւսներ)։ Բացի այդ, արդէն յայտարարուած է 170 նոր հանրակառքերու ձեռքբերման մրցոյթ, որոնք քաղաքը կը պատրաստուի գնել փոխադրային բարեփոխումներու շարունակականութիւնն ապահովելու համար։

Ամփոփելով վերջին երկու շաբթուան աշխատանքը՝ քաղաքապետը արձանագրած է, որ եկամուտներու ներհոսքի նման աճը մեծ արդիւնք է։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է վարորդներուն՝ իրենց պայմանագրային պարտականութիւնները համբերատար կատարելու համար, ինչպէս նաեւ այն ուղեւորներուն, որոնք հանրակառքին մէջ կ՚աջակցին վարորդներուն եւ օրինական պահանջ կը ներկայացնեն չվճարողներու նկատմամբ։