Թուրքիա- Այսօր Անգարան ցնցած զոյգ պայթումներուն զոհերուն հիմնական մասը քիւրտեր են: Այս մասին իմացանք «Արեւելք»ի Անգարայի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց,որ մայրաքաղաքի գնացքի գլխաւոր կայարանին մօտ արձանագրուած պայթումը եղած է երբ HDP կուսակցութեան անդամներ եւ համակիրներ (մեծաւ մասամբ քիւրտ) մօտեցած են այդ հատուածէն: Նշենք, որ պայթումներուն հետեւանքով զոհուածներուն թիւը բարձրացաւ 36-ի իսկ վիրաւորներունը՝ 140 -ի: Ըստ նախնական տուեալներու զոհերուն եւ վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան: