image
Հրատապ լուրեր:

Անգարայի Զոյգ Պայթումներուն Զոհերուն Մեծ Մասը HDP -ի Անդամ Քիւրտեր Են

Անգարայի   Զոյգ Պայթումներուն  Զոհերուն Մեծ Մասը    HDP -ի Անդամ  Քիւրտեր Են

Թուրքիա-  Այսօր Անգարան ցնցած   զոյգ պայթումներուն զոհերուն  հիմնական մասը քիւրտեր են: Այս  մասին իմացանք «Արեւելք»ի Անգարայի  աղբիւրէն:  Մեր  աղբիւրը նաեւ յայտնեց,որ  մայրաքաղաքի  գնացքի  գլխաւոր կայարանին մօտ      արձանագրուած պայթումը   եղած է   երբ   HDP  կուսակցութեան  անդամներ եւ համակիրներ (մեծաւ մասամբ քիւրտ) մօտեցած են այդ հատուածէն: Նշենք, որ  պայթումներուն հետեւանքով զոհուածներուն թիւը բարձրացաւ 36-ի իսկ   վիրաւորներունը՝  140 -ի: Ըստ նախնական տուեալներու  զոհերուն եւ վիրաւորներուն  մէջ  հայեր չկան: