Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարարութիւնը երեկ գրաւոր յայտարարութեամբ մը յայտնած էր, որ Անգարայի մէջ կիրակի օր անձնասպանական գործողութիւն իրականացնողը, որուն զոհ գացած էր նուազագոյն 37 մարդ, եղած է 24-ամեայ Սեհեր Չաղլա Տէմիրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սապահ», նշելով, որ Սահար անդամակցած է PKK-ի կազմակերպութեան 2013-ին եւ վերապատրաստուած է Սուրիոյ մէջ գործող Ժողովրդական պաշտպանութեան մարմնի (YPG) կողմէ:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ պայթումի հետ կապուած, ներքին գործերու նախարարութիւնը կ'իրականացնէ լայնածաւալ հետաքննութիւն: Ան նոյնպէս տեղեկութիւններ հաղորդած է Տէմիրի մասին, նշելով, որ Թուրքիան մէկ ամսուայ ընթացքին երկու յարձակումներու ենթարկուած է, որոնց հեղինակները եղած են YPG-ի անդամներ:
Նշենք, որ ԱՄՆ-ն հրաժարած էր YPG-ն ճանչնալ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն, հակառակ իր դաշնակից Անգարայի բազմաթիւ զգուշացումներուն եւ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանի կոչին, որ ԱՄՆ -ն ընտրութիւն կատարէր Թուրքիոյ եւ YPG-ի միջեւ, որուն կոչած էր «ուժեղ գործընկեր»: