Տարբեր առիթներով ամերիկեան հասարակութեան մէջ քննարկումի թէժ թեմա դարձած է խմբային ոճրագործութիւններու երեւոյթը։ Այս տարուայ 7-րդ դէպքը, որ օրերս ցնցեց ամբողջ Ամերիկան, հանրախանութի մը մէջ 10 անմեղ զոհերու սպաննութիւնն դէպքն է։
Լրատուական աղբիւրներ լուրին մասին խօսելով յայտնեցին, որ սպանութիւնը գործողը սուրիական արմատներով 21 ամեայ, Ահմատ Ալալաուի Ալ Իսան է:
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւններ քաղեց «Ալ Արապիա» կայանէն։
Աղբիւրը նշած է, թէ ամբաստանեալ Ալալաուի Ալ Իսա ծնած է Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը եւ 3 տարեկանին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ կը կրէ այդ երկրի քաղաքացիութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, ամբաստանեալին քրոջ ամուսինը, սուրիացի Ուսամա Ալ Մուսան, պատմած է, թէ Ահմատ «միայնակ ու տարօրինակ» անձնաւորութիւն մըն էր, կեանքին ընթացքին որեւէ ընկեր չէր ունեցած, եւ կը բնակէր ընտանիքի հսկայ առանձնատան ներքնայարկը: Առանձնատունը կը գտնուի Արուատա քաղաքին մէջ, որ 33 քմ. հեռաւորութեան վրայ է Պուլուար քաղաքէն, ուր տեղի ունեցած է ոճրագործութիւնը: Ալ Մուսա շարունակած է, թէ Ահմատ միշտ հեռու կը մնար մարդոցմէ, նոյնիսկ երբ քրոջ ընտանիքը այցելէր զիրենք, ան սենեակի մը անկիւնը նստելով անխօս կը մնար: Ահմատ կը համարուէր միամիտ, ան ծայրայեղ իսլամ մը չէր, որովհետեւ երբեք մզկիթ չէր այցելեր: Մանաւանդ որ կ'աշխատէր ընտանիքին պատկանած ճաշարանին մէջ, բայց երբեք չէր յարաբերեր որեւէ մէկուն հետ:
Ըստ անոր փեսայի խօսքերուն, ընտանիքին ճաշարանը փակուած է, Ալ Իսային պատճառած աղէտէն ետք: Ահմատին հայրը մեծ ցնցումի մէջ է, իսկ ընտանիքի անդամները ուղղակի շշմած են թէ ինչու եւ ինչպէս Ահմատ ըրած է այս տեսակի արարք մը: Լուրը տարածուելէն ետք, ընտանիքը կարծած է թէ Ահմատն ալ այդ հանրախանութի զոհերէն մէկն է:
Մինչեւ հիմա յայտնի չէ, թէ ինչ պատճառով Ահմատ ինքզինք կորսնցուցած է, ու կատարած այսպիսի ոճրագործութիւն, որուն զոհ գացած են 10 անմեղներ, մեծ ցաւ ու տառապանք հասցնելով անոնց հարազատներուն, Ամերիկային, ու նաեւ ողջ աշխարհին: