image

Անձասպանութիւնը մեծ աճ կ'արձանագրէ Լիբանանի մէջ ...

Անձասպանութիւնը մեծ աճ   կ'արձանագրէ Լիբանանի  մէջ ...

58-ամեայ Իմատը կը նստի իր Տըքուէնէյի խանութին առջեւ, մէկ կը դիտէ իրենց զաւակներուն պետական քննութեան յաջողութեան «անուշը» գնող ծնողներուն, մէկ հայեացքը կը սեւեռէ պատէն կախուած իր ողորմած աղջկան նկարին: Դժուար է հասկնալ տեղի ունեցած երկխօսութիւնը՝ կարօտցած  հօր եւ աղջկայ հոգիին միջեւ,  սակայն անոր պոռթկացող արցունքը կը մատնէ իր  ցաւը, մինչ կը մրթմրթայ  անիծելով  այդ ճակատագրական անիծեալ օրը՝ «Երանի առաջ ես մեռնէի»: Ամէն տարի այս օրերուրն Իմատ կը յիշէ իր աղջիկը, որ չդիմանալով պետական քննութիւններուն ձախողութեան լուրին՝ նախընտրած էր կեանքին վերջ տալ:

Վերջին տարիներուն անձնասպանութեան երեւոյթը նկատելի աճ կ'արձանագրէ  Լիբանանի մէջ:  Ներքին անվտանգութեան ուժերու  հրապարակած վիճակագրութեան համաձայն,  Լիբանանի մէջ 2011-ին՝ 101 անձ, 2012-ին՝ 108, 2013-ին՝ 111 եւ 2014-ին՝ 143 անձ դիմած է անձնասպանութեան, եւ 2016-ին  անձնասպանութեան տոկոսը աննախադէպ նկատելի աճ արձանագրած է յատկապէս տարուան առաջին 20 օրերուն, արձանագրելով 7 քաղաքացիներու անձնասպանութիւն (6 Լիբանանցի եւ մէկ օտար) պարագաներ:

Անձնասպանութեան միջոցները բազմատեսակ են: 47-ամեայ Զիատը չվարանեցաւ ինքն իր վրայ կրակ բանալէ անկողինին մէջ քնացած ժամանակ. Զիատի բոլոր ծանօթները հիացած էին եւ կը նախանձէին անոր արկածախնդրութեան ոգիին եւ կեանքի կառչածութեան, ան իր սեփական աշխատանքէն շահած եկամուտը կը ծախսէր իր նախասիրութիւններուն եւ ֆիզիքական կարողութիւնները զարգացնելուն  վրայ, մինչեւ արկածի մը հետեւանքով անդամալոյծ դառնալը:

Սկզբնական շրջանին Զիատ հիւանդանոցին մէջ տրամադրութիւնը բարձր պահեց եւ  հաստատակամ  մնաց դժուարութիւնները դիմագրաւելու  մէջ, ենթարկուեցաւ տարբեր տեսակի բուժումներու եւ յառաջացում արձանագրեց, սակայն չկրցաւ վերականգնել իր  քալելու կարողութիւնը:

Արտաքնապէս Զիատ ոչ մէկ բացասական հակազդեցութիւն ցուցաբերեց, այլ պահպանեց իր ժպտերեսութիւնը իր հիւրերուն եւ սիրելիներուն հետ, մինչ ան ներքուստ վերածուած էր արեւէն խոշտանգուած  անապատի մը, ցաւէն, ամօթէն եւ իր մատնուած խղճալի վիճակէն ջլատուած  եւ այսպիսով աստիճանաբար Զիատի տրամադրութիւնը անկում  կրեց , մինչեւ որ որոշեց յաւերժական քունով ննջել:

 

Իգական սեռին  մօտ անձնասպանութեան փորձի տոկոսը աւելի բարձր է 

Այս առնչութեամբ, անվտանգութեան ուժերու նմանատիպ ոճրագործութիւններու հետապնդման լոյսին տակ, անվտանգութեան աղբիւր մը պարզած է՝ «Անցեալ տարիները ցոյց տուին, որ իւրաքանչիւր հինգ լիբանանցիներու դիմաց 1 օտար անձնասպանութիւն կը գործէ»: Պատասխանելով հարցին, թէ ո՞ր խումբը առաւել հակում ունի անձնասպանութեան, աղբիւրը պատասխանած է՝ «Լիբանանի մէջ իգական սեռի ներկայացուցիչներու մօտ անձնասպանութեան փորձ կատարողներու տոկոսը աւելի  շատ է, սակայն յաճախ անոնք կը ձախողին իրականացնել, մինչ տղամարդոց մեծ մասը, որոնք կը  փորձեն՝ կը յաջողին, անոր համար ալ ինքնասպան եղող տղամարդոց տոկոսը աւելի բարձր է»:

Նոյն աղբիւրը «Ալ Ժումհուրիա»   թերթին  խօսելով կ'ըսէ՝ «Օրինակ, 2015-ին, ամէն 15 անձնասպանական գործողութեան 6-ը կիներ էին»: Ինչ կը վերաբերի ամենաշատ օգտագործուած անձնասպանական միջոցին, ան կ'ըսէ. «Առաջին տեղը կը գրաւէ կրակ բանալը, ապա թունաւոր նիւթ ստանալը, ապա ինքզինք վար նետելը եւ  այս  մէկը  ամենաշատ տարածուած միջոցն է օտարներուն մէջ, յատկապէս  տուներու մէչ  աշխատող պանկլատէշցի եւ սրիլանքացի կանանց մօտ »:


 «Ամէն օր մէկ դեղահատ աւելի»

35-ամեայ Սուհան ամէն գիշեր ձեռքը ամուսնուն՝ 47 ամեայ Ռիատին բարձին դնելով կը ստուգէր իր կողքին ըլլալը, սակայն ինչպէս միշտ, ան տուն վերադարձած չէր ըլլար: Սկզբնական շրջանին կը զանգէր՝ անոր հարցնելու, սակայն Ռիատ  կը փակէր հեռախօսը եւ այսպիսով ամիսներ  այս  վիճակը կը շարունակուէր: Ամուսինը,  նոյնիսկ մերժած էր  կնոջ ամուսնալուծութեան պահանջը, չկորսնցնելու համար կնոջ հօրմէն իրեն հասնող ժառանգի բաժինը: Սուհա նախ փորձեց անկեղծանալ հօր հետ, անոր օգնութիւնը ակնկալելով, սակայն միշտ ստացած էր նոյն պատասխանը՝ «մեր ընտանիքին մէջ ամուսնալուծուիլ չկայ: Ի՞նչ  կը խօսին մարդիկ մեր վրայ»:

Սուհային առաւել ցաւ պատճառողը ամուսինին մասին լսած լուրերն էին, որ ուրիշ կիներու ետեւէ կ'երթայ եւ տարուած էր բախտախաղով, մինչ ինք ստիպուած էր ազգականներուն առջեւ ձեւացնել, որ ամէն ինչ շատ լաւ է իր կեանքին մէջ: Սուհան այս վիճակին  դիմացաւ 2 տարի, մինչեւ  որ ան իր «մխիթարութիւն»ը գտաւ  դեղահատերու եւ թմրեցուցիչներու մէջ:  Սուհայի   ընկճուածութիւնը մեծցաւ  ձիւնագնդակի մը  նման,  այն աստիճան, որ ան ուզեց մէկընդմիշտ աչքերը փակել:  Մինչեւ այս տարուան կէսը Սուհա 4 անգամ անձնասպանութեան փորձ կատարած է, մեծ քանակութեամբ թմրանիւթ ստանալով, սակայն առանց յաջողելու:  Ամէն անգամ որ նոր փորձ մը  կ'ընէր, ընտանիքը զինք հիւանդանոց կը տեղափոխէր իբր թունաւորման պարագայ  եւ շաբաթ մը անց կը վերադառնար տուն իր նոյն տագնապին:

Պատճառները...

Իր հերթին, ամուսնական եւ ընտանեկան խորհրդատուութեան մասնագէտ բժիշկ Ռաէտ Մուհսէն կը նկատէ, որ «ինքնասպանութիւնը յաճախ պայմանաւորուած է հոգեկան հիւանդութեամբ եւ մասնաւորապէս, յուսահատութեամբ, քանի որ հիւանդին կը թուի, որ իր խնդիրը աշխարհի ամենամեծ եւ անլուծելի խնդիր է եւ ինք չի կրնար անոր հետ ապրիլ»:  Ամէն  պարագայի  կարելի է հետեւցնել, որ ընկերային    հիմք  ունեցող  ընտանեկան  խնդիրները  կը ծառայեն, որ Լիբանանի  մէջ  անձնասպանութեան պարագաները  օրըստօրէ   աւելիով  աճին: