image

Անցեալ տարի Գերմանիայէն վտարուած են 346 ՀՀ քաղաքացիներ

Անցեալ տարի Գերմանիայէն վտարուած են 346 ՀՀ քաղաքացիներ

Գերմանիայէն Հայաստան վտարուածներու թիւը անցեալ տարի կտրուկ աճած է: Այս մասին կը վկայեն Գերմանոյ Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալները, կը յայտնէ Der Spiegel-ը:

Այսպէս՝ անցեալ տարի Հայաստան վտարուած է 346 մարդ, իսկ 2017 թուականին՝ 184: Պարբերականը նշած է, որ աճած է նաեւ Ռուսաստան վտարուածներու թիւը՝ 422 մարդ նախորդ տարուան 184-ի փոխարէն: