image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի մէջ շոգեկառքը բախուած է հանրակառքին. կան զոհեր եւ տասնեակ վիրաւորներ

ԱՄՆ-ի մէջ շոգեկառքը բախուած է հանրակառքին. կան զոհեր եւ տասնեակ վիրաւորներ

ԱՄՆ-ի Միսիսիփի նահանգի Պիլոքսի քաղաքին մէջ, երէկ,բեռնատար շոգեկարքը բախուած է հանրակառքին, ինչի արդիւնքով զոհուած է առնուազն չորս մարդ եւ արձանագրուած է տասնեակ վիրաւորներ:


Ըստ ականատեսներու, անցնելով երկաթուղային գիծերով, հանրակառքը խրուած մնացած է եւ չէ կրցած առաջ անցնիլ, որմէ ետք արագընթաց շոգեկառքը անոր բախուած է, զինք դուրս նետելով: Վթարի պատճառները տակաւին յայտնի չեն:


Տեղի ոստիկանութիւնը նշած է, որ հանրակառքը, որ կու գար Թեխասի Օսթին քաղաքէն, ունէր մօտ 50 ուղեւոր՝ հիմնական տարեց մարդիկ:


Այժմ 35 մարդ հիւանդանոց տեղափոխաուած են, որոնց մէկ մասը բժշկական հաստատութիւններու օդային ճանապարհով տեղափոխուած են: