image

ԱՄՆ դուրս եկած է Մարդու իրաւունքներու միջազգային խորհուրդէն

ԱՄՆ դուրս եկած է Մարդու իրաւունքներու միջազգային խորհուրդէն

Օրերս ԱՄՆ դուրս եկած է ՄԱԿ-ի առընթեր գործող Մարդու իրաւունքներու միջազգային խորհուրդէն այն պատրուակով, որ նշուած կազմակերպութիւնը կողմնակալութիւն կը դրսեւորէ Իսրայէլի նկատմամբ, եւ ներգրաւուած է փտածութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման գործողութիւններու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Այս առթիւ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ դեսպան Նիքի Հիլի քննադատութիւն ուղղած է Ռուսիոյ, Չինաստանի, Քուպայի եւ Եգիպտոսի նկատմամբ, մեղադրելով վերջիններս ԱՄՆ-ի կողմէ կազմակերպութեան ուղղման նպատակով տարուած աշխատանքները խանգարելու մէջ: Ան միաժամանակ ծանր քննադատութիւն ուղղած է ԱՄՆ-ի համակարծիք երկիրներուն դէմ, որոնք փորձած են համոզել, որ վերջինս դուրս չգայ խորհուրդի կազմէն:

Իր հերթին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը ցաւով ընդունած է ԱՄՆ-ի որոշւմը, շեշտելով, որ կազմակերպութեան ցանկութիւնն է, որ ԱՄՆ մնար խորհուրդի կազմին մէջ: