Սպիտակ Տան մէջ կայացած հաւաքոյթի ընթացքին ԱՄՆ նախագահ Թրամբ լիբանանեան արմատներէ սերող իրաւաբան Ալեքս Ազարը Առողջապահութեան եւ մարդասիրական ծառայութիւններու նախարար նշանակած է: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Թրամբ բարձր գնահատած է Ազարի անցած ուղին, շեշտելով, որ վերջինիս շնորհիւ դեղամիջոցներու գիներն զգալիօրէն պիտի նուազին, որովհետեւ ան նախարարութենէն ներս գործած ըլլալով քաջ ծանօթ է անոր գործունէութեան:
Իր հերթին Ալեքս Ազար խօսք առնելով Թրամբի ներկայութեամբ շեշտած է, որ ինք որպէս Լիբանանէն գաղթած անձ կը ձգտի ծառայել կառավարութեան եւ նախագահի քաղաքականութիւնն ի գործ դնել, եւ ամենակարեւորը՝ ստիպել դեղամիջոցներ արտադրող ընկերութիւններուն, նուազեցնելու դեղորայքի գիները, ինչպէս նաեւ պայքար մղել թմրամոլութեան դէմ: