image

Պոլիս. Կը փնտռուի Նաթալի Թաւուքչուն․ անոր մասին դեռեւս որեւէ տեղեկութիւն չկայ

  Պոլիս. Կը փնտռուի Նաթալի Թաւուքչուն․ անոր մասին դեռեւս որեւէ տեղեկութիւն չկայ

2026 թուականի Հոկտեմբեր 14-էն ի վեր անհետ կորսուած  կը համարուի  Նաթալի Թաւուքչուն։ Անոր ընտանիքը կը շարունակէ փնտռել զինք, սակայն մինչեւ այսօր անոր գտնուած վայրին մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի։

 Առանձին  ապրող Նաթալին վերջին անգամ տեսնուած է Ֆերիքէօյի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։

Նաթալին յատուկ կարիքներ ունեցող երեխայի մը մայրն է։ Մօտաւորապէս մէկուկէս ամիս առաջ իր զաւակը փոխադրուած էր յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու պետական խնամքի հաստատութիւն մը, եւ մայրը կը պայքարէր զայն ետ վերադարձնելու համար։

 Պոլսոյ մէջ գործող «Թէթ Աժէնտաս» հարթակին դիմած ընտանիքը տարածած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Քոյրս՝ Նաթալի Թաւուքչուն, Հոկտեմբեր 14-էն ի վեր անհետ կորսուած է։ Անոր մասին որեւէ տեղեկութիւն չունինք։ Կը խնդրենք բոլոր անոնցմէ, որոնք տեսած են զինք կամ տեղեկութիւն ունին անոր գտնուած վայրին մասին, որ անմիջապէս կապ հաստատեն մեզի հետ»։

Կը խնդրուի Նաթալին տեսած կամ անոր մասին որեւէ տեղեկութիւն ունեցող անձերէն կապ հաստատել հետեւեալ հեռաձայնի թիւերով.

- Քոյրը՝ 0542 256 69 56

- Մայրը՝ 0537 289 63 67