image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան պատժամիջոցներ լիբանանեան եւ սուրիական նաւթի ընկերութիւններու դէմ

Ամերիկեան պատժամիջոցներ լիբանանեան եւ սուրիական նաւթի ընկերութիւններու դէմ

ԱՄՆ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարած է, որ չորս անձերու եւ հինգ ընկերութիւններու դէմ պատժամիջոցներ սահմանած է, մեղադրելով զանոնք Սուրիա նաւթ տեղափոխելու եւ Սուրիոյ կառավարութեան աջակցելու մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Յայտարարութեան համաձայն, պատժամիջոցներու ենթակայ անհատներէն է Մուհամմատ Քաթրճի ու անոր ընկերութիւնը, որ հովանաւորած է Դամասկոսի եւ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման միջեւ կայացած նաւթային ոլորտի գործարքները:


Պատժամիջոցներ սահմանուած են նաեւ Սուրիոյ, Լիբանանի, ԱՄԷ-ի մէջ գործող նաւթի ընկերութիւններ, որոնք նաւթ կը մատակարարեն Սուրիոյ:


Պատժամիջոցները կը ներառեն յիշեալ անձերու եւ ընկերութիւններու ամերիկեան դրամատուներու մօտ ունեցած հաշիւներու սառեցում, ինչպէս նաեւ ամերիկացիներու եւ ամերիկեան ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան դադրեցում: