image

Ամերիկացի քոնկրէսական՝ Ատամ Շիֆ դատապարտեց հայկական դպրոցներու դէմ եղած արարքը

Ամերիկացի քոնկրէսական՝ Ատամ Շիֆ դատապարտեց հայկական դպրոցներու դէմ եղած արարքը

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ադամ Շիֆ, ֆէյսպուքեան իր  էջին վրայ անդրադարձած է Քալիֆորնիոյ հարաւը գտնուող հայկական մասնաւոր դպրոցներու նկատմամբ կատարուած վայրագութեան:

Ինչպէս աւելի շուտ յայտնած էինք հայկական դպրոցներու դարպասներուն, ինչպէս նաեւ կրթական հաստատութեանց տարածքին փակցուած էին Թուրքիոյ դրօշներ:

«Այս դպրոցներ կը յաճախեն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներու ժառանգները: Ատելութեան դրսեւորման դատապարտման հարցով ես կանգնած եմ հայ համայնքի կողքին»,- գրած է քոնկրէսականը:

Քոնկրէսականը աւելցուցած է, որ դէպքի առնչութեամբ հետաքննութիւն կ'ընթանայ:Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ իշխանութիւնները պիտի յաջողին պարզել կասկածեալներուն ինքնութիւնը եւ յետագային պիտի կարենան կանխել նմանատիպ միջադէպերը:


Կը նշուի, որ թրքական դրօշներու հետ կապուած միջադէպին անդրադարձած է նաեւ մէկ այլ ազդեցիկ քոնկրէսական՝ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Պրետ Շերմընը: 

Ան դիմած է Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյին՝ կոչ ընելով հետաքննութիւն սկսիլ ատելութեան դրսեւորման դէպքի առնչութեամբ: Քոնկրէսականը դաշնային իշխանութիւններուն կոչ ըրած է օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատժել մեղաւորները: