image

Ամերիկա նոր պատիժներ կը սահմանէ Ասատի ընտանիքին

Ամերիկա նոր պատիժներ կը սահմանէ Ասատի ընտանիքին

Երեքշաբթի օր, ԱՄՆ-ի տնտեսութեան նախարարութիւնը, «քաղաքացիներու դէմ բռնութիւն կիրառող Սուրիոյ կառավարութեան  կամ  կառոյցներուն աջակցելու» մեղադրանքով պատիժ սահմանած է հինգ սուրիացիներու եւ կազմակերպութիւններու հանդէպ: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-տիար» կայքը:

Ըստ «ռօյթըրզ»ի տուած հաղորդագրութեան, պատիժ կրող նախարարական սեւ ցուցակին մէջ կը գտնուի Մոհամմէտ  Ապպասի անունը, որ  Սուրիոյ յայտնի գործատէր Րամի Մախլուֆի ազգականն է: Վերջինս ալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քեռիին տղան է:   

ԱՄՆ տնտեսութեան նախարարութիւնը որպէս պատիժ արգելափակած է  հինգ անձերու եւ կազմակերպութիւններու ամերիկայի մէջ ունեցած դրամատան հաշիւները, նաեւ արգիլած  է անոնց ամերիկացիներու հետ համագործակցութիւնը: