Երեքշաբթի օր, ԱՄՆ-ի տնտեսութեան նախարարութիւնը, «քաղաքացիներու դէմ բռնութիւն կիրառող Սուրիոյ կառավարութեան կամ կառոյցներուն աջակցելու» մեղադրանքով պատիժ սահմանած է հինգ սուրիացիներու եւ կազմակերպութիւններու հանդէպ: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-տիար» կայքը:
Ըստ «ռօյթըրզ»ի տուած հաղորդագրութեան, պատիժ կրող նախարարական սեւ ցուցակին մէջ կը գտնուի Մոհամմէտ Ապպասի անունը, որ Սուրիոյ յայտնի գործատէր Րամի Մախլուֆի ազգականն է: Վերջինս ալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քեռիին տղան է:
ԱՄՆ տնտեսութեան նախարարութիւնը որպէս պատիժ արգելափակած է հինգ անձերու եւ կազմակերպութիւններու ամերիկայի մէջ ունեցած դրամատան հաշիւները, նաեւ արգիլած է անոնց ամերիկացիներու հետ համագործակցութիւնը: